(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 22 Յունուարին, Քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթուան առթիւ, Sant'Egidio հասարակութիւնը կը հիւրընկալէ Հալէպի Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ` արհիապատիւ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը։ Ան Sant'Egidio հասարակութեան կազմակերպութեամբ հանդիպումներ պիտի ունենայ Նափոլի եւ Նովառա, ուր պիտի վկայէ Հալէպի ժողովուրդի կրած տառապանքի մասին։
Հալէպը ժամանակին եղած է Սուրիոյ ամենէն հարուստ քաղաքը, դժբախտաբար հինգ տարիէ խիստ շրջափակումի ենթակայ է ու թիրախ ռմբակոծումներու։
Sant'Egidio հասարակութեան կազմակերպած հանդիպումին կը մասնակցի նաեւ ''Bossey'' համամիութենական հաստատութեան ուսանողներու մէկ պատուիրակութիւնը։ Այս հաստատութիւնը հիմնուած է 1946-ին Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդէն, որպէս միջազգային կեդրոնը հանդիպումի, երկխօսութեան ու կազմաւորումին։ Հաստատութիւնը կը հիւրընկալէ բոլոր ցամաքամասերէ պատկան 18 երկիրներէ ուսանողութիւն։
Արքեպիսկոպոս Շահան Սարգիսեանը Bossey ուսանողներու հետ միասին կ՛այցելէ ս. Բարթողոմէոսի Պազիլիքան, ուր պահպանուած են 20-րդ եւ 21-րդ դարերու մարտիրոսներու մասունքները ներառեալ հայ նահատակներու մասունքներ։
22 յունուարի երեկոյեան ժամը 8-30-ին անոնք պիտի մասնակցին քրիստոնեաներու միութեան աղօթքին, Սանթա Մարիա ին Թրասթեվերէ եկեղեցւոյ մէջ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |